Հայաստանի «Երեւան» մայրաքաղաքին հին անունն էր «Էրեբունի», զոր իբր վեհանունը դրինք
մեր այս նախաձեռնութեան՝ «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» նշանաբանով: (“Էրեբունի“, «Էրեբունի» կը սկսի «Է» գլխատառով, որ եօթներորդ գիրն է հայերէն այբուբենին մէջ: «Է» գլխա-տառը, սակայն, միայն գիրը չէ մեզի՝ հայերուս համար, այլ նաև ու մասնաւորապէս յատուկ անունն է ժամանակի ու յաւիտենականութեան Տիրոջ՝ Աստուծոյ (Ել. 3,14):
Հոս, մեր «Էրեբունի»-ն ինքնահոս գրիչն է իբր հոգեմտաւոր ու խաղաղ յուշարարը մեր ազգին Ցե-
ղասպանութեան 100-ամեայ յոբելեանին (1915-2015):Ամէն յոբելեան ունի իր անցեալը, որ ներկային մէջ միշտ առկայ՝ կ’ընթանայ դէպի ապագան: Ան- ցեալը, ներկան և ապագան, մէկ բառով, ժամանակը իբր տիեզերական հոլովոյթը՝ կը ծորի միշտ «Է»-ին տեւողութեան մէջ:”Է” (“E”).”Է“,Ա՛յն «Է»-ին՝ անցեալին և ապագային կամ անցաւորութեան և անանցաւորութեան Ներկայի՛ն, որուն ձայնած էր 1915-ի Հայասպանութեան նահատակներէն վսեմական բանաստեղծը՝ Դանիէլ Վարուժան.«Դուն ամէն ինչ ես. Դուն Կեա՛նքն ես. Դուն Յաւիտենակա՛ն Սէրն ես: Թո՛ղ, որ խորին երկիւղածութեամբ խոնարհիմ առջեւդ»:
“Է“, Ա՛յն «Է»-ին, որուն հայկական տաճարներուն ամէն մէկ աւագ խորանին վրայ ոսկետառ քանդա-
կումը ժամուորին կ’իմացնէ աստուածային Յաւիտենականին ներկայութիւնը մարդկային անցա-
նելիութեան մէջ: Այո՛, ամէն անցեալ, որ գոյացած չի մնար ներկային մէջ, արդէն իսկ ի յառաջագունէ վրիպած կ’ըլլայ
իր ապագայի գոյէն: Ուստի, անցեալը, որ ունի իր ներկան և ասով՝ իր ապագան, աստենակա՛ն և անդենակա՛ն, Բացարձակին ու Յաւիտենականին մասնակից դառնալու կը սկսի:Միայն այսպէս, վերածնո՛ւնդը՝ անցաւորէն անանցաւորին, եւ վերածնունդո՛վ՝ դէպի յաւերժու-թիւնը: Ա՛յս է խորհուրդը մեր «Էրեբունի»-ին, որուն վրայ ներկայացուած հայակնիք նշանակները կը պատգամեն այս ճշմարտութիւնները:
Symbolism
The pen has been designed to reflect the history and hope of Armenia; we incorporated national, historic, and theological themes and touched upon the key areas most important to the narrative history of our nation. It embodies a vision of memory and hope for our future.
Զուարթնոց
Ինքնահոսին գլուխն է «Զուարթնոց» եռաստիճան եկեղեցին, Է. դարէն, հայ ճարտարապետու-թեան գլուխգործոցը, որ կը խորհրդանշէ հայերուս երրորդութենական հաւատքը Հայր Աստուծոյ,Որդի Աստուծոյ և Հոգի Աստուծոյ հանդէպ:
«Հրաբորբ բոց»
«Հրաբորբ բոց»-ը 1915-ի Հայասպանութեան զոհերուն յիշատակի մշտավառ կրակն է՝ Ապրիլ 24-ի Նահատակներուն ի յարգանս 29 Նոյեմբեր 1967-ին բացուած «Ծիծեռնակաբերդ» յուշահամալիրին կենդրոնին մէջ, Երեւան
The 100th Commemoration
«Արարատ»-ը պատկերացումը և գոյատեւումն է Հայ Ազգին ու Հողին:«Է»-ն կը կազմէ ամբողջ ինքնահոսը՝ իր գոց վիճակով: Մոնտեգրապպան-ն անունն է պատրաստող ընկերութեան: