Գ. Ճապուրեան և Տ. Չապլաքեան Նորաստեղծ «Էրեբունի» Գրիչներէն Օրինակներ Նուիրեցին Ֆրանսիսկոս Ա. Պապին եւ Շարլ Ազնաւուրին

06th of May 2015

 site_logo

Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նշման իւրայատուկ նախաձեռնութիւն.

Գ. Ճապուրեան և Տ. Չապլաքեան Նորաստեղծ «Էրեբունի» Գրիչներէն Օրինակներ Նուիրեցին Ֆրանսիսկոս Ա. Պապին եւ Շարլ Ազնաւուրին

12 Ապրիլ 2015-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ճարտարագէտ, բարեգործ Մագ. Գրիգոր Ճապուրեան և յայտնի գործարար Տիգրան Չապլաքեան Ֆրանսիսկոս Ա. քահանայապետին ընծայաբերեցին օրինակ մը իրենց նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Էրեբունի» գրիչէն եւ գրիչի ծննդոցին առիթով հրատարակուած «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքէն: Ընծայաբերումը տեղի կ՛ունենար յետ նոյն օրը Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով Սրբազան Քահանայապետին նախագահած Սուրբ Պատարագին, որուն ընթացքին նաեւ արար աշխարհի առջեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կը հռչակուէր Վարդապետ Տիեզերական եկեղեցւոյ:

 

Երկու օր ետք, 14 Ապրիլին, նախապէս հաստատուած ժամադրութեամբ, Գ. Ճապուրեան եւ Տ. Չապլաքեան նոյն գրիչէն եւ հրատարակութենէն օրինակներ նուիրեցին աշխարհահռչակ արուեստագէտ, երաժիշտ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Շարլ Ազնաւուրին, որ բարձրօրէն գնահատեց հայ ժողովուրդի մշակոյթի ծանօթացման եւ տարածման նպաստող, հայ մշակոյթի գործիչներու իւրայատուկ մեծարում հանդիսացող այս նախաձեռնութիւնը:

 

«Էրեբունի» ոսկեքանդակ գրիչը արտադրութիւնն է Montegrappa աշխարհահռչակ հաստատութեան: Անոր ձեւաւորումը կատարած է գեղանկարիչ Գօգօ Կարապետ Սագայեան: Գրիչը իր երեք՝ «Հոգեւոր», «Յաւերժ» եւ «Գրական» տեսակներով ներկայացուած է 2015-ի Պազելի միջազգային ցուցահանդէսին (Զուիցերիա), 18-20 Մարտ 2015-ին, արժանանալով լայն հետաքրքրութեան:

 

Այս առիթով, նախաձեռնութեան հեղինակները՝ Գ. Ճապուրեան եւ Տ. Չապլաքեան, երկու հայ գործարարներ՝ հաստատուած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, հովանաւորեցին հրատարակութիւնը «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» ութլեզուեան յուշագիրքին, ուր ներկայացուած են դարերու ընթացքին հայ պետական, կրօնական եւ մշակութային կեանքին վրայ իրենց որոշիչ ու վճռական կնիքը դրած 61 հայ անձնաւորութիւններ: Գիրքին հեղինակն է վաստակաւոր բանասէր Դոկտ. Հ. Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:

 

Հայ ազգային եւ կրօնական նշանակութեան մոթիվներով զարդարուած, հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ մշակոյթի, նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենայատկանշական խորհրդանիշերը կրող «Էրեբունի» գրիչը իւրայատուկ նշում մըն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ յանձնառութեան արտայայտութիւն մը՝ 1.5 միլիոն նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալու եւ հայ մշակոյթի գոյերթը շարունակելու նկատմամբ: Իսկ «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքը ամփոփ, բայց նաեւ պարզորոշ վկայարանն է այն արժէքներուն, զորս ստեղծեց հայ ժողովուրդը անցած հազարամեակներուն եւ որոնց պաշտպանութեան եւ պահպանութեան համար յանձն առաւ կրել ծանրագոյնը զրկանքներուն ու տառապանքին, զոր մարդկութիւնը երբեւէ տեսած ըլլար:

 

Նկարներուն մէջ

 11156198_1430421510595357_4288140229003006288_n

  • Մագ. Գ. Ճապուրեան Ֆրանսիսկոս Ա. քահանայապետին կ՛ընծայաբերէ օրինակներ «Էրեբունի» գրիչէն եւ «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքէն:

 11150819_1430811280556380_2119992948666266974_n

  • Մագ. Գ. Ճապուրեան եւ Տ. Չապլաքեան Շարլ Ազնաւուրին կը նուիրեն օրինակներ «Էրեբունի» գրիչէն եւ «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքէն: