Մոնթեկրափփա-Էրեբունի Հայկական Գրիչի Ցուցահանդէս՝ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին Մէջ 17/12/2015

17th of December 2015

Դեկտեմբեր 15-ի երեկոյեան  Հայկազեան համալսարանի Մաթոսեան սրահին մէջ բացուեցաւ “Էրեբունի Հայկական Գրիչ”-ի առաջին հանրային ցուցադրութիւնը Լիբանանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մոնթեկրափփա-Իթալիա» ընկերութիւնը եւ “Էրեբունի Հայկական Գրիչ”-ի նախաձեռնող խումբը։

“Էրեբունի Գրիչ”-ը նախաձեռնութիւնն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած երկու ակնառու հայ գործարարներու՝ Գրիգոր Ճապուրեան եւ Տիգրան Չապլաքեան:  Անոր ձեւաւորումը գործն է լիբանանահայ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ Սագայեանի, իսկ արտադրութիւնը՝ Մոնթեկրափփա հաստատութեան, որ գրիչներու արտադրութեան Իտալիոյ ամենահին հաստատութիւնն է եւ աշխարհի ամենաբարձրակարգերէն մէկը:

“Էրեբունի Գրիչ”-ին կ՛ընկերանայ ութ լեզուներով յուշամատեան մը, ուր ներկայացուած են Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ իրենց կարեւորագոյն ներդրումը ունեցած 61 հայ անձնաւորութիւններ: Գիրքին հեղինակն է դոկտ. Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:

“Էրեբունի Գրիչ”-ը իւրայատուկ նշում մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ գեղեցկագոյն մեծարում մը՝ հազարաւոր տարիներու ընթացքին Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդի ստեղծած մշակութային արժէքներուն: Անիկա առաջին անգամ ներկայացուեցաւ 2015-ի Պազելի միջազգային ցուցահանդէսին, Զուիցերիա, արժանանալով լայն հետաքրքրութեան: Գրիչի հաւաքածոն 23 Նոյեմբեր 2015-ին ստացաւ Middle East Jewellery -Year 2015 մրցանակը, “Լաւագոյն Արուստի եւ Ձեռարուեստի Գործ” դասակարգումին մէջ, ճանչցուելով լաւագոյնը՝  382 մրցոյթային գործերուն մէջ:

Ցուցահանդէսի բացումին մեկնարկ առաւ յատուկ աճուրդ մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ կարիքաւոր մանուկներու: Աճուրդի դրուած է Էրեբունի Յաւերժ մէկ արծաթեայ գրիչ՝ հանրայայտ մարզիկ Հենրիկ Մխիթարեանի մարզաշապիկին եւ գնդակին հետ միասին՝ ստորագրուած իր կողմէ: Մխիթարեան միացաւ գրիչի նախաձեռնող խումբին, նպաստելու համար անոր բարեսիրական ծրագիրներուն: Նոյն նպատակին ուղղուած է նաեւ ցուցահանդէսին գրիչներու վաճառքէն գոյացած հասոյթին մէկ կարեւոր մասը:

“Էրեբունի Հայկական Գրիչ”ի ցուցադրութիւնը Հայկազեան համալսարանին մէջ կը շարունակուի մինչեւ 19 Դեկտեմբեր : Աճուրդին փակումը  տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ երեկոյեան 5-ին, երբ պիտի յայտարարուի նաեւ շահողին անունը:

 

Source: http://www.yerakouyn.com/?p=96077